2015-01-24 11:31:36

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը` համամիութենական շարժումը դարձի շարժում է։


(Ռատիօ Վատիկան) Համամիութիւնը պէտք է նաեւ աճի տարածութեամբ, ասիկա բացայայտօրէն արտայայտուած է Յիսուսի քահանայական աղօթքին մէջ։ Յիսուս կը բաղձար միութիւնը իր աշակերտներուն բացայայտ նպատակի մը համար. ‘’Որպէսզի … եւ աշխարհը գիտնայ` թէ դուն ղրկեցիր զիս, եւ սիրեցիր զանոնք այնպէս` ինչպէս զիս սիրեցիր’’։ Այս վերջին նախադասութիւնը կը մատնանշէ որ աշակերտներու միութիւնը ինքնիրեն վերապահուած նպատակ մը չէ, այլ կը ծառայէ ամրապնդելու Յիսուս Քրիստոսի ու անոր Եկեղեցւոյ առաքելութեան հաւատալիութիւնը աշխարհի մէջ։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ‘’Աւետարանի ուրախութիւնը’’ առաքելական յորդորագիրին մէջ քրիստոնեաներուն կը յիշեցնէ թէ միութեան հիմնական կէտնպատակը համամիութենական փնտռտուքն է։
Միութիւնը կը դիւրացնէ Յիսուս Քրիստոսի ընդունելութիւնը։ Որպէսզի համամիութիւնը ու քարոզչութիւնը փոխադարձաբար նպաստեն Աւետարանի ծաւալումին, հարկաւոր է ապաշխարանքն ու դարձը։ Ահա այս պատճառաւ է որ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը կ՛եզրափակուի Պօղոս առաքեալի դարձին տօնին օրը, երեկոյեան ժամասացութեամբ որ կը կատարուի Հռոմի ս. Պօղոս Պազիլիքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ ու մասնակցութեամբ այլ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն։
Պօղոս առաքեալը փորձարկեց իր կեանքին բարենորոգումը` դարձի գալով Դամասկոսի ճամբուն վրայ Յարուցեալ Քրիստոսի երեւումով եւ այդ դարձի զօրութեամբ ան դարձաւ մեծ քարոզիչը Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին։ Մենք եւս, որպէս բաժանուած քրիստոնեաներ ու եկեղեցիներ, կարող ենք վերագտնել այն միութիւնը որ Տէրը մեզի տուաւ` եթէ ամէնքս միասնաբար դարձի գանք Յիսուս Քրիստոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.